2014-09-11 09:54:23

Պարաք Օպամա` ''ժիհատիստները պիտի ոչնչացնենք ''


10 սեպտեմբերին տեղի ունեցած հրապարակային ելոյթի ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ներկայացնելով Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ռազմավարութիւնը յայտնեց թէ այս մէկը ''երկար ու խրդին պիտի ըլլայ'' կէտնպատակ ունենալով ''ոչնչացնել ժիհատիստները'' որոնք գրաւած են Իրաքի եւ Սուրիոյ լայնածաւալ տարածքներ։
Օպաման ընդգծեց հաստատակամութիւնը կասեցնելու Սիւննիթ զինեալներու յառաջացումը եւ անոնց գործադրած արիւնահեղ ոճիրները։ Նախագահը յայտնեց թէ Միացեալ Նահանգները պիտի օգտագործեն իրենց օդուժը հարուածելու համար ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դիրքերը ըլլայ Իրաքի ըլլայ Սուրիոյ տարածքին վրայ, թիկունք կանգնելով տեղական զօրքերուն ու անոնց տալով պէտք եղած ռազմական օգնութիւնը առանց սակայն Ամերկեան բանակի անմիջական միջամտութեան։
''Ամերիկան – ըսաւ Օպամա – պիտի գլխաւորէ միացեալ ուժերու խմբաւորում մը պայքարելու եւ արմատախիլ ընելու Իսլամական պետութեան սպառնալիքը''։







All the contents on this site are copyrighted ©.